2015-09-28 09:48:00

Ընտանիքներու յառաջիկայ հաւաքը` 2018-ին Տուպլինի մէջ։


(Ռատիօ Վատիկան) Ֆիլատելֆիայի  Պենժամին Ֆրանքլին հրապարակի վրայ Ֆրանչիսկոս Պապին ընտանիքներու համաշխարհային 8-րդ օրուան առթիւ մատուցած եզրափակիչ Սուրբ զոհի աւարտին խօսք առաւ նաեւ Ֆիլատելֆիայի Արքեպիսկոպոսը` գերապայծառ Շափութ որ շնորհակալական խօսքեր ուղղեց Սրբազան Քահանայապետին ապա խօսք առաւ Ընտանիքի Քահանայապետական խորհուրդի նախագահ` գերապայծառ Փալիա որ յայտնեց թէ ''ընտանիքի համաշխարհային այս օրերը կը յատկանշեն միութիւնը եւ ցոյց կու տան թէ Եկեղեցին եւս ընտանիք մըն է, առ առաւել, ընտանիք ազգ մը որ յառաջ կ՛ընթանայ մարդոց պատմութեան մէջ, ուր երկրի բոլոր ժողովուրդները կը կազմեն մէկ ընտանիք` որոնց Հայրը երկնքի մէջ է։ Այս է – ըսաւ գերապայծառ Փալիա  - ընտանիքին կոչումն ու առաքելութիւնը։  Ան ապա խորին շնորհակալութիւնը յայտնեց Ֆրանչիսկոս Պապին, մատնանշելով թէ յառաջիկայ 27 դեկտեմբերին` Նազարէթի Սուրբ Ընտանիքի տօնին առթիւ, բոլոր թեմերը պիտի նշեն ընտանիքներու յոբելեանը,  քրիստոնեաներու ընտանիքներուն առջեւ բանալով աթոռանիստ եկեղեցիներու եւ սրբավայրերու դռները։ Միւս կողմէ պիտի բացուին նաեւ քրիստոնեայ բոլոր ընտանիքներուն դռները. Բոլոր այն վայրերուն մէջ ուր կը գտնուին գաղթական ընտանիքներ եւ կարիքաւորներ –  յարեց գերապայծառ Փալիա¬ վստահեցնելով որ այս օրերուն Սրբազան Քահանայապետին յորդորները ի գործ պիտի դրուին ու բոլոր սրտերու դռները պիտի բացուին։
Ընտանիքներու քահանայապետական խորհուրդի նախագահը ապա յայտնեց թէ Ընտանիքներու համաշխարհային 9-րդ հաւաքը նախատեսուած է 2018-ին, Տուպլինի մէջ։ Ակնարկելով հուսկ  հոկտեմբերին գումարուած Ընտանիքի մասին եպիսկոպոսական սիւնհոդոսին գերապայծառ Փալիա Ֆրանչիսկոս Պապէն խնդրեց որ իր տանի ''այս ընտանիքներու ուրախութիւն ու երազանքը'' ապա Սրբազան Քահանայապետին ներկայացուց հինգ ցամաքամասերը ներկայացնող հինգ ընտանիքները` Լա Հապանայէն, Քինշասայէն, Մարսիլիայէն, Հանոյէն եւ Սիտնիէն, որոնց – ըսաւ միշտ գերապայծառ Փալիա -  ուզեցի աւելցնել Դամասկոսէն, Սուրիայէն ընտանիք մը որ հոս եկած է իր ետին թողելով ռումբերը եւ որ Դամասկոս պիտի վերադառնայ իր հետ տանելով Աւետարանը զոր դուք պիտի յանձնէք անոնց, որպէսզի բուժէ վէրքերը, ամոքէ ցաւերը եւ յոյս պարգեւէ բոլորին։ 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.